2013-11-01 12:07:33

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը` ''Սուրբերը Աստուծոյ բարեկամներն են''։


Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ, ուրբաթ 1 նոյեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ անդրադարձաւ ''ամենայն սրբոց'' տօնի նշանակութեան, մատնանշելով թէ ''Սուրբերը Աստուծոյ բարեկամներն են''։ Անոնք - ըսաւ Սրբազան Հայրը - հերոսներ չեն եւ կատարեալ չեն ծնած։ Անոնք անձեր են, որ իրենց կեանքի ընթացքին ճանչցան Աստուծոյ սէրը ու անոր հետեւեցան առանց պայմաններու։ Իրենց կեանքը նուիրեցին ուրիշներու ծառայութեան, դիմագրաւելով տառապանքներն ու չարին համապատասխանելով բարիով եւ ամենուրեք տարածելով խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն։
Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ''Սրբութեան ձգտիլը քիչերու վերապահուած առանձնաշնորհում մը չէ, այլ ամենուն ընծայուած կոչում մըն է։ Ամէնքս հրաւիրուած են քալելու սրբութեան ճանապարհով - ըսաւ Ան - ու աւելցուց` թէ այդ ճանապարհը ունի անուն մը եւ դիմագիծ մը` Յիսուս Քրիստոս։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` բոլոր ննջեցեալ հոգիներուն համար ու ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորները, ու վերյիշեց թէ յետմիջօրէին, Հռոմի Գամբօ -Վերանօյի պատմական գերեզմանատան մէջ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին պիտի աղօթէ բոլոր ննջեցեալներուն հոգւոյն դիտաւորութեան, յատկապէս անոնց որ բռնութիւններու զոհ եղած են եւ քրիստոնեաներուն` որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցած են հալածանքներու հետեւանքով։
Սրբազան Քահանայապետը աղօթքի աւարտին բոլորին մաղթեց ''Ամենայն Սրբոց'' բարի տօնակատարութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.